Վրաստանի ողիմպիական հաւաքականի կազմին հետ «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիականի խաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 36 տարեկան Բենիկ Աբրահամեան (գունդ նետելու մրցումներուն): Ան ծնած է Թիֆլիսի մէջ:
Ան երկրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ողիմպիական խաղերուն:
Ան Վրաստանի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 2016-ին տեղի ունեցած Ռիօ Տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերուն:
Նշենք, որ Վրաստան Թոքիոյի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 11 մարզաձեւերու մէջ, 35 մարզիկով: