Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մասնակցող 25 իրաւարարները` Սլաւա Ղազարեանի գլխաւորութեամբ, նախորդ 16 յուլիսին սկսան ուսումնամարզական հաւաքի մը, Կապան քաղաքին մէջ: Այս հաւաքը կ՛աւարտի 23 յուլիսին:
Նշուեցաւ, որ հաւաքին ընթացքին պիտի դասախօսէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի տեսուչ Գէորգ Յովհաննիսեան:
Անոնց պիտի տրուին որոշ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ, որպէսզի անոնք առաւելագոյն ձեւով անսխալ սուլեն ախոյեանութեան մրցումները:



