Ուրբաթ, 23 յուլիսին, կը սկսին «Թոքիօ-2020»-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը, որոնք իրենց աւարտին կը հասնին 8 օգոստոսին:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու:
Ողիմպիական խաղերուն մեկնարկէն հինգ օր առաջ, երէկ` կիրակի, 18 յուլիսին, յայտարարուեցաւ, որ 3 մարզիկներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, հակառակ անոր որ կազմակերպիչները առաւելագոյն նախազգուշութեան դիմած էին:
Այդ երեք մարզիկները, որոնք ինքնամեկուսացուած են, քանի մը օր անգամ մը քննութեան պիտի ենթարկուին:
Եթէ պատահի, որ անոնց կատարելիք մրցումէն առաջ քննութեան պատասխանը ելլէ ժխտական, անոնց պիտի թոյլատրուի ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ: