Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ 30 յուլիսին մեկնարկը պիտի տրուի Հայաստանի ֆութպոլի «ՎԻՊԵԹ» բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին:
Իսկ 5 օգոստոսին պիտի սկսի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ ֆետերասիոնին հրապարակած այս հաղորդագրութեան կողքին, ներկայացուեցաւ նաեւ առաջին երկու հանգրուանի մրցումներուն ժամանակացոյցը: