Նախանցեալ օր, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, այս մրցումին կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` 6-1 արդիւնքով:
Կ՛ակնկալուի, որ այս մրցումին կատարուած սխալները (եթէ կան) սրբագրուին, եւ ՀՄԸՄ, գտնելով իր անցեալի աշխուժ խաղարկութիւնը, դարձեալ յաջողի յաղթանակներ արձանագրել:



