Նախանցեալ օր, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կատարեց իր առաջին մրցումը` նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսմանի գլխաւորութեամբ:
Պայէրն, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ոչ ամբողջական կազմով մրցեցաւ Քէօլնի դէմ, կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
33 տարեկան գերմանացին, որ նախորդ ապրիլին 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Գերմանիոյ ախոյեանին հետ, իր պաշտօնին սկսաւ 1 յուլիսին:
Ան նախապէս եղած է նաեւ, Լայփցիկի եւ Հոֆընհայմի մարզիչ:
Նշենք, որ Նակելսման փոխարինեց Հանս-Տիեթըր Ֆլիքը, որ նշանակուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: