Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Շարպել Ռըզք Եւ Ղազի Պուսթանի  Այցելեցին Պթըղրինի Մարզադաշտ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շարպել Ռըզք Եւ Ղազի Պուսթանի Այցելեցին Պթըղրինի Մարզադաշտ

Յատուկ հրաւէրով Միշել Էլիաս Մըրի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի այցելեցին Պթըղրինի պասքեթպոլի մարզադաշտ: Մըր եւ Պթըղրինի պասքեթպոլի մարզադաշտի յանձնախումբը, ներկայութեամբ ակումբին մարզիկներուն, Ռըզքի եւ Պուսթանիի յայտնեցին, որ մարզադաշտը կը դնեն ֆետերասիոնին տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոր մէջ տեղի ունենան մօտիկ ապագային սկսելիք Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութեան...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Գաբրիէլ Սարգսեան Եւ Յովհաննէս Գաբուզեան  Աւարտեցին Իրենց Ելոյթները

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Գաբրիէլ Սարգսեան Եւ Յովհաննէս Գաբուզեան Աւարտեցին Իրենց Ելոյթները

Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան չկրցան յաղթահարել 1-64-րդ հանգրուանի արգելքը: Գաբրիէլ Սարգսեան պարտուեցաւ իր հնդիկ մրցակիցէն, մինչ Յովհաննէս Գաբուզեան չկրցաւ յաղթել եգիպտացի Պասեմ Ամինին: Նշենք, որ 1-64-րդ հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Եըլմազ Մուսթաֆային, 1,5-0,5 արդիւնքով: Շանթ Սարգսեան ազրպէյճանցի Նիճատ Ապասովի հետ...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ուքրանիայէն

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ուքրանիայէն

Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Ուքրանիայէն, 79-66 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Փաթիլ Եագուպեան (25 կէտ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 88-51 արդիւնքով պարտուեցաւ Զուիցերիայէն: Հայաստանի...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին  Մարզիկները Շքանշաններ Ստացան

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիկները Շքանշաններ Ստացան

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկները պարգեւատրեց յատուկ շքանշաններով: Երկրին ղեկավարը ազգային խումբի մարզիկներուն եւ մարզիչներուն յանձնեց «Իտալիոյ հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար» բարձրագոյն շքանշանը: Յիշեցնենք, որ նախորդ 11 յուլիսին Իտալիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` «ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին յաղթելէ ետք Անգլիոյ:

«Չեմփիընզ Լիկ».  2023-ի Աւարտականը Միւնիխէն  Տեղափոխուեցաւ Պոլիս

«Չեմփիընզ Լիկ». 2023-ի Աւարտականը Միւնիխէն Տեղափոխուեցաւ Պոլիս

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-ի աւարտական հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի չունենայ Միւնիխի մէջ (Գերմանիա)` նկատի ունենալով, որ անիկա տեղափոխուեցաւ Պոլիս (Թուրքիա): Նման որոշում տրուեցաւ այն պատճառով, որ 2021-ի աւարտականի մրցումը «Քորոնա» Ժահրին պատճառով տեղափոխուեցաւ Փորթօ (Փորթուգալ): 2022-ի աւարտականը տեղի պիտի ունենայ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա), իսկ 2024-ինը` Լոնտոնի մէջ (Անգլիա): Միւնիխ, որ...

Ղազախական Ֆութպոլ.  Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Ղազախական Ֆութպոլ. Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի խմբային Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ասթանա, որ հիւրընկալեց Աքթոպէն, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հիւրընկալ կազմին երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 71-րդ վայրկեանին: Գ. խմբակին մէջ այժմ Ասթանա 4 կէտով յառաջատարն է: Չորս խմբակներէն առաջին երկու դիրքերը գրաւած խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:  

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում.  Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ Վրացական Խումբէն

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ Վրացական Խումբէն

Երէկ` ուրբաթ, 16  յուլիսին Արարատ-Արմենիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը կատարեց Վրաստանի մէջ: Հայրենի կազմը, որ հիւրը եղաւ Թելաւի, պարտութիւն կրեց նուազագոյն հաշիւով, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արարատ-Արմենիա այս շաբաթավերջին Վրաստանի մէջ կը կատարէ բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ տեղւոյն կազմերէն Պոլնիսիի դէմ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Աղուան Պապիկեան Վերադարձաւ Ալաշկերտ

Հայկական Ֆութպոլ. Աղուան Պապիկեան Վերադարձաւ Ալաշկերտ

Արարատէն Ալաշկերտ վերադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Աղուան Պապիկեան, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Պապիկեան Լեհաստանի մէջ ունեցած է բաւական լաւ փորձառութիւն: Ալաշկերտին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատարներէն Խորէն Բայրամեանի կրտսեր եղբայրը, 23 տարեկան միջնապահ Լեւոն Բայրամեան: Վերջերս Ալաշկերտին միացաւ նաեւ Երեւանի Նոայի նախկին խմբապետ Վլատիսլաւ Քրիւչքով: 20 յուլիսին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի...

Օլիվիէ Ժիրու` Միլանոյի Մէջ

Օլիվիէ Ժիրու` Միլանոյի Մէջ

Լոնտոնեան Չելսիի հետ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու, այնպէս կը թուի, որ շուտով պիտի տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան, որովհետեւ ան տեսնուած է Միլանոյի մէջ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, այս շաբաթավերջին 34 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու: Նշուեցաւ, որ Ժիրուի համար իտալական ակումբը պիտի վճարէ մէկ միլիոն եւրօ եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ  Աւարտականի Երրորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ Աւարտականի Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը այսօր` ուրբաթ, 16 յուլիսին կրնայ հասնիլ իր աւարտին, երբ կատարուի Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ երրորդ մրցումը: Պէյրութ, որ նախորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այսօր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի հռչակուի Լիբանանի աղջկանց ախոյեան: Ռիատիի յաղթանակին պարագային պիտի կատարուի չորրորդ ճակատումը: Նշենք, որ այսօրուան այս մրցումը, որ պիտի կատարուի Մանարայի մէջ, պիտի սկսի...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Արարատ Յաղթեց Գիւմրիին Մէջ  Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Արարատ Յաղթեց Գիւմրիին Մէջ Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Երէկ` հինգշաբթի, 15 յուլիսին «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի ծիրին մէջ կատարուեցան շուրջ քառասուն մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան զտումի Բ. հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արարատ-Երեւան, որ Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ հունգարական Ֆեհերվարի դէմ, արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Մրցումին երկու կոլերը նշանակուեցան 33-րդ եւ 85-րդ...

«Թոքիօ-2020».  Հայաստանի Առաջին Մարզիկը  Մեկնեցաւ  Ճափոն

«Թոքիօ-2020». Հայաստանի Առաջին Մարզիկը Մեկնեցաւ Ճափոն

Երէկ` հինգշաբթի, 15 յուլիսին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ մեկնեցաւ «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն նշանառութեան մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլմիրա Կարապետեան: Անոր կ՛ընկերակցի Հայաստանի նշանառութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան: Էլմիրա Կարապետեան Թոքիօ պիտի հասնի 17 յուլիսին: Ողիմպիական խաղերուն ան հանդէս պիտի գայ 25 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 5:00-էն 11:30, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Էլինա Դանիէլեան Յաղթանակով Սկսաւ  Բ. Հանգրուանի Մրցումները

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Էլինա Դանիէլեան Յաղթանակով Սկսաւ Բ. Հանգրուանի Մրցումները

Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ աղջկանց մրցաշարքի Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Էլինա Դանիէլեան, ճերմակ քարերով յաղթեց ռումանացի իր մրցակիցին` Իրինա Պուլմակային, 44-րդ շարժումին: Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը պիտի կատարուի այսօր: Հաւասար արդիւնքի պարագային, վաղը` շաբաթ, 17 յուլիսին անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ արագ մրցումի «թայ պրէյք»-ի ճակատումը: Նշենք, որ Ա. հանգրուանի...

Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի  Արձանագրած 10-0 Արդիւնքով Յաղթանակին

Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Արձանագրած 10-0 Արդիւնքով Յաղթանակին

Փորթուգալցի անուանի մասնագէտ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը կը շարունակէ պատրաստուիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանին: Իր նախապատրաստութիւններուն կողքին հռոմեան ակումբը կատարեց ֆութպոլի բարեկամական իր առաջին մրցումը` Մոնթեքաթինիի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի յաղթանակով` 10-0 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին նկատի առնուած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Գանձասար Հանդէս Պիտի Գայ Հայաստանի  Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մէջ

Հայկական Ֆութպոլ. Գանձասար Հանդէս Պիտի Գայ Հայաստանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 2021-2022 տարեշրջանին Գանձասար ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Այսպիսով, Գանձասար, որ վերջին տարիներուն կը մասնակցէր մանկապատանեկան ախոյեանութիւններուն, դարձեալ ներկայացուցիչ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանիին տակ տեղի ունեցող արհեստավարժ ախոյեանութեան: Նշենք, որ խումբը իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները պիտի կատարէ Կապանի քաղաքային մարզադաշտին վրայ:

Գէորգ Ղազարեան Վերադարձաւ  Փիւնիկ Երեւան

Գէորգ Ղազարեան Վերադարձաւ Փիւնիկ Երեւան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 33 տարեկան միջնապահ Գէորգ Ղազարեան վերադարձաւ Փիւնիկ Երեւան, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Գէորգ Ղազարեան, որ Փիւնիկի սան է, անցեալին երեւանեան ակումբին հետ կատարած է 61 մրցում` նշանակելով 30 կոլ: Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ան կատարած է 76 մրցում` նշանակելով 14 միջազգային կոլ: Անոր վերջին ակումբը հանդիսացաւ կիպրական ԱԷԼ Լիմասոլը:  

Տիգրան Բարսեղեան Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի Սլովաքիա

Տիգրան Բարսեղեան Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Սլովաքիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան շատ հաւանական է, որ իր ակումբը լքելով տեղափոխուի Սլովաքիա: Նշուեցաւ, որ հայրենի ֆութպոլիստով շուրջ ամիսէ մը ի վեր հետաքրքրուած է Պրաթիսլաւայի Սլովանը: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Սլովան եւ Ասթանա արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են Բարսեղեանի փոխանցման գումարին շուրջ:    

Արժեն Ռոպեն Երկրորդ Անգամ Ըլլալով  Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Արժեն Ռոպեն Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Կրոնինկընի (Նետերլանտներ) 37 տարեկան յառաջապահ Արժեն Ռոպեն երկրորդ անգամ ըլլալով աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց նոյնինքն ֆութպոլիստը: Ան առաջին անգամ ըլլալով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2019-ի ամրան, սակայն տարի մը ետք դարձեալ սկսաւ իր ելոյթներուն իր առաջին ակումբին` Կրոնինկընի հետ: Ան մաս կազմած է շարք մը անուանի ակումբներու, որոնց կարգին` Ռէալ Մատրիտ, Պայէրն Միւնիխ, Չելսի եւ...

Մեսսի Հինգ Տարուան Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ Պարսելոնայի Հետ

Մեսսի Հինգ Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Պարսելոնայի Հետ

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի 34 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի հինգ տարուան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր ակումբին` Պարսելոնայի հետ, այս մասին նախանցեալ օր յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Նշենք, որ նախորդ պայմանագրութիւնը եւս նախատեսուած էր հինգ տարիով եւ աւարտած` նախորդ 30 յունիսին: Նախորդ հինգ տարիներուն Մեսսի այդ պայմանագիրով ստացած էր 550 միլիոն եւրօ: Սակայն նոր պայմանագիրով, անոր վարձատրութիւնը պիտի կրճատուի...

Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան Մասնակցեցաւ  Պոքա Ժունիորզի Կատարած Մրցումին

Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան Մասնակցեցաւ Պոքա Ժունիորզի Կատարած Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան իր նորամուտը նշեց իր նոր ակումբին հետ: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ան միացաւ Արժանթինի ֆութպոլի ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող ակումբներէն մէկուն` Պոքա Ժունիորզին, անոր հետ ստորագրելով 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Անոր նոր ակումբը, որ Լիպերթատորես ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Աթլեթիքոյի դէմ, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:...

Page 485 of 1280 1 … 484 485 486 … 1,280

Արխիւներ