Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պատրաստ է 88 միլիոն եւրօ վճարելու Ասթոն Վիլայի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան միջնապահ Ճեք Կրիլիշի փոխանցման համար, այս գծով յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Նշուեցաւ, որ Ասթոն Վիլա իր խմբապետի փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 117 միլիոն եւրօ:
Սակայն նախքան ատիկա, Վիլա աւելի լաւ պայմաններով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ Կրիլիշի:
Ան 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ասթոն Վիլայի: