Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ ֆոր) Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աշխուժ կազմը մրցեցաւ դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Մուաուատի դէմ:
Մրցակից կազմը, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն պարտութիւն կրած չէր, երէկ գիշեր կրեց իր առաջին պարտութիւնը` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն, որոնք բացառիկ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեցին 7-3 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ալի Շիթ (5-րդ, 16-րդ եւ 35-րդ), Սերժ Մելիքեան (16-րդ եւ 38-րդ), Վաչէ Ղուկասեան (27-րդ) եւ Քամալ Ահրաժ (33-րդ):
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի արձանագրած այս կարեւոր յաղթանակը: