Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թոքիօ-2020». Իզապելլա Եայլեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

July 28, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Քուէյթցի 57 Տարեկան Ռաշիտի` Պրոնզէ Մետալակիր
– Պերմուտայի Ողիմպիականի Առաջին Ոսկի Մետալը

Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Իզապելլա Եայլեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն, երէկ 59 քկ դասակարգի մրցումներուն ելոյթ ունենալով, երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 205 քկ գրաւեց 7-րդ դիրքը:

Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ եւ ոսկի մետալին տիրացաւ, չինական Թայփէի ներկայացուցիչը, որ բարձրացուց 236 քկ:

Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը, լողարշաւի հաւաքականի անդամ Արթուր Բարսեղեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն, թէեւ բարելաւեց իր անհատական մրցանիշը` արձանագրելէ ետք 49” 78 արդիւնք մը, սակայն չկրցաւ յաղթահարել զտումի մրցումներուն արգելքը եւ դուրս մնաց յաջորդ հանգրուանէն (կիսաւարտական):

Կիսաւարտականին կը հասնին 16 լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած լողորդները:

Այլ գետնի վրայ, ունենալով բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը, 57 տարեկան Ապտալլա Ռաշիտի իր երկրին` Քուէյթի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը` նշանառութեան մրցումներուն:

Ռուսիոյ աղջկանց մարմնամարզութեան հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ բազմամարտի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Երկրորդ դիրքը գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ, իսկ երրորդ դիրքը` Անգլիա:

Լեռնային հեծելարշաւի (քրոս քաունթրի) աղջկանց մրցաշարքին բոլոր մետալներուն տիրացան Զուիցերիոյ ներկայացուցիչները:

Թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աւստրալիացի Ճէյմս Տաքֆորթը:

Գ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ արժանթինցի Տիեկօ Շվարցման:

Աղջկանց մրցումներուն գծով, աշխարհի դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ճափոնցի Նաոմի Օսաքա դուրս մնաց մրցաշարքէն` պարտուելէ ետք չեխ Մարքեթա Վոնտրուշովայէն:

Աղջկանց թրիաթլոնի մրցումներուն (լողարշաւ, հեծելարշաւ եւ վազք), Պերմուտա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ ողիմպիականի ոսկի մետալի մը, շնորհիւ Ֆլորա Տաֆիի:

Այսօր` չորեքշաբթի, 18 յուլիսին, Հայաստան պիտի ունենայ միայն մէկ ներկայացուցիչ, երբ Վարսենիկ Մանուչարեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աղջկանց լողարշաւի 100 մեթրի մրցումին:

Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ճափոն (10 ոսկի մետալ): Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան (9-ական ոսկի մետալ):

 

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

Յաջորդը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.