Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուող 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն, տղոց պասքեթպոլի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու կազմը 120-66 արդիւնքով (28-12, 32-18, 22-13 եւ 38-23) տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ամերիկեան Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին մաս կազմող Տեմիըն Լիլարտ, որ յաղթական կազմին հետ նշանակեց 21 կէտ:
Նշենք, որ այս յաղթանակը առաջինն էր «տրիմ թիմ»-ի համար, որ առաջին մրցումին 83-76 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Ֆրանսայէն:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող պասքեթպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ամերիկացիներուն վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Չեխիա: