Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի լքեց Ասթոն Վիլայի օգնական մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց Չելսիի պաշտօնական կայքը:
40 տարեկան նախկին ֆութպոլիստը ստացաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Փրօ» մարզիչի արտօնագիր` աւարտելէ ետք վերոնշեալ կազմակերպութեան «2021 ԷՖ. ԷՅ. » մարզիչներու դասընթացքը:
Այժմ Թերի կրնայ դառնալ արհեստավարժ ֆութպոլի ակումբի մը գլխաւոր մարզիչը: