Ռէալ Մատրիտի նորեկ Տաւիտ Ալապայի մօտ յայտնաբերուեցաւ «Քորոնա» ժահրը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աւստրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահը, որ վերջերս միացած էր Ռէալ Մատրիտին, այժմ ինքնամեկուսացուած է:
Նշենք, որ 29 տարեկան ֆութպոլիստը Ռէալ Մատրիտի հետ կնքեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նախքան Ռէալ Մատրիտ տեղափոխուիլը, ան մաս կը կազմէր Պայէրն Միւնիխի (2009-էն ի վեր):