Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թոքիօ-2020». Վարսենիկ Մանուչարեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

July 29, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խաչանով Ապահովեց Քառորդ
Աւարտականի Իր Տոմսը

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու լողարշաւի մրցումներուն, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Վարսենիկ Մանուչարեան, երէկ աւարտեց իր ելոյթը:

100 մեթր ազատ լողարշաւի մրցումներուն, 18 տարեկան Մանուչարեան, որ արձանագրեց 59”18 արդիւնք մը, չկրցաւ յաղթահարել զտումի հանգրուանի արգելքը:

Երկրորդ փորձին ընթացքին, ան գրաւելով 6-րդ դիրքը, ընդհանուր դասաւորման մէջ 51 մասնակցողներու մէջ գրաւելով 45-րդ դիրքը, աւարտեց իր ելոյթը:

Կիսաւարտական հանգրուան հասան 1-16-րդ դիրքը գրաւած լողորդները:

Նշենք, որ լողարշաւի մրցումներուն Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Արթուր Բարսեղեան, թէեւ 100 մեթրի մրցումներուն ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, սակայն ան վաղը` ուրբաթ, 30 յուլիսին, պիտի մասնակցի 50 մեթր ազատ լողարշաւի մրցումներուն:

Տղոց թենիսի մրցումներուն, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով երէկ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-1, 2-6 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանին, Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին:

Քառորդ աւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ֆրանսացի Հիւկօ Ումպերը, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփասը:

Իր կարգին, աշխարհի թիւ մէկ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

Տղոց ռակպիի մրցումներուն, գործող ախոյեան Ֆիժիի ազգային խումբը դարձեալ հանդիսացաւ ախոյեան` 27-12 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Նոր Զելանտայի դէմ:

Երէկուան մրցումներէն ետք, այժմ մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ճափոն (13 ոսկի, 4 արծաթ եւ 5 պրոնզ): Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Չինաստան (12 ոսկի, 6 արծաթ եւ 9 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնեն Միացեալ Նահանգներ (11 ոսկի, 11 արծաթ եւ 9 պրոնզ):

Այսօր` հինգշաբթի, 29 յուլիսին, Հայաստան պիտի ունենայ միայն մէկ մասնակից:

Իր առաջին մենամարտը պիտի կատարէ կռփամարտիկ Արման Դարչինեան (75 քկ):

Ան իր պայքարը պիտի սկսի 1-8-րդ հանգրուանէն, երբ իրեն մրցակից կ՛ունենայ Անտրէյ Շեմեզը (Սլովաքիա):

Քառորդ աւարտական հասնելու պարագային, Դարչինեան 1 օգոստոսին կը մրցի Եունես Նեմուչի (Ալճերիա)-Էումիր Մարցիալ (ֆիլիփեան կղզիներ) մրցումին յաղթականին դէմ:

 

Նախորդը

«Թոքիօ-2020». Տղոց Ֆութպոլի Մրցաշարքի Քառորդ Աւարտականին Հասած Խումբերը Յստակացան

Յաջորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Բացառիկ Յաղթանակը` Պարագլուխի Դիրքը Գրաւողին Դէմ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.