«Սքայ Իտալիա» յայտարարեց, որ իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկէ իր 36 տարեկան փորթուգալցի ֆութպոլիստին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2022:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր պայմանագրութիւնը չերկարաձգելու պատճառը անոր բարձր աշխատավարձն է:
Նշենք, որ ֆութպոլիստը 2018-ին Ռէալ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս:
Նախորդ տարեշրջանին, ան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») լաւագոյն ռմբաձիգը` 29 կոլով: