Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ Թիրասփոլի մէջ մրցեցաւ մոլտովական Շերիֆի դէմ, անկէ կրելով 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, հայրենի կազմը կրած էր 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Երէկուան մրցումին, թէեւ Ալաշկերտ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն հիւրընկալ կազմը պատասխանեց երեք անգամ եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Այժմ Ալաշկերտ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն` իր դէմ ունենալով Քայրաթ-«Կարմիր Աստղ» Պելկրատ մրցումին յաղթականը: