Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ մեկնեցաւ Մոլտովա, այսօր` չորեքշաբթի, 28 յուլիսին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ` Շերիֆ Թիրասփոլի դէմ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթի մրցումին Ալաշկերտ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Երեւանի մէջ:
Յաջորդ հանգրուան հասնելու պարագային, Ալաշկերտ իր դէմ պիտի ունենայ Քայրաթ (Ղազախստան)-«Կարմիր Աստղ Պելկրատ» մրցումին յաղթականը: