Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ժիւլ Քունթէ երէկ միացաւ լոնտոնեան Չելսիին, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբը:
Նշուեցաւ, որ Սեւիլլային մաս կազմող 22 տարեկան ֆութպոլիստը ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 70 միլիոն եւրոյի: Յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին սպանական ակումբը պիտի ստանայ նաեւ 5 միլիոն եւրօ` շահաբաժինի ձեւով:
Ֆրանսացին նախորդ տարեշրջանին Սեւիլլայի հետ կատարեց 49 մրցում: