Երէկ` չորեքշաբթի, իրենց աւարտին հասան «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերու տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող ութ խումբերը:
Ֆրանսայի, Արժանթինի, Գերմանիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի նման խումբեր, որոնք կը նկատուէին տիտղոսին թեկնածուներուն կարգին, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Քառորդ աւարտականի զոյգերը կազմեցին հետեւեալները. Ճափոն- Նոր Զելանտա, Սպանիա-Փղոսկրեայ Ափունք, Հարաւային Քորէա-Մեքսիքա եւ Պրազիլ-Եգիպտոս:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին 31 յուլիսին: