Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի (կիսաւարտական) Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 28 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
Մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը, մինչ անոր մրցակիցը կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել` յաղթելու համար իրենց այսօրուան մրցակիցին: