Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, սպանացի Սանտրա Սանչես երէկ իր անունը արձանագրեց ողիմպիական պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ ան քարաթէի մրցաշարքին հանդիսացաւ աղջկանց ախոյեան:
Աւարտականի մրցումին, 39 տարեկան սպանացին պարտութեան մատնեց ճափոնցի իր մրցակիցը` Քիէու Սիմիցուն: Սանչես ապահովեց 28,06 կէտ, մինչ անոր մրցակիցը` 27,88 կէտ:
Նշենք, որ ողիմպիականի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենար քարաթէի մրցաշարքը, թէեւ անիկա ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էր 2015-ին:
Այս տարի ողիմպիական խաղերու նոր մարզաձեւերէն են նաեւ սըրֆինկը, ժայռ մագլցումը եւ սքէյթ պորտը: