Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամներ Կարապետ Չալեան եւ Արթուր Ալեքսանեան երէկ աւարտեցին իրենց ելոյթները` ողիմպիական խաղերու կիսաւարտական փուլին վերաբերող:
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի 77 քկ դասակարգի կիսաւարտական փուլին, Կարապետ Չալեան, որ մրցեցաւ Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Աքզոլ Մախմուտովի դէմ, կրեց 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսօր Չալեան պիտի պայքարի պրոնզ մետալի համար:
Իսկ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, 97 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումներուն մրցելով իրանցի Մոհամետալի Սարավիի դէմ, մինչ կը յաղթէր 3-1 արդիւնքով, թէեւ վնասուածք ստացաւ, սակայն, շարունակելով իր մենամարտը, յաղթեց` 4-1 արդիւնքով:
Աւարտականին Ալեքսանեան կը մրցի Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մուսա Եւլոյեւի դէմ:




