Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուող 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերու աթլեթիզմի մրցաշարքին աղջկանց 100 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ Փորթօ Ռիքոյի ներկայացուցիչ Ժասմին Քամաշօ Քուին, որ արձանագրեց` 12”37 արդիւնք մը:
Նշենք, որ այսպիսով Փորթօ Ռիքօ տիրացաւ ողիմպիականի իր առաջին ոսկի մետալին:
Անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Ժամայքայի ներկայացուցիչը:



