«Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 6 օգոստոսին, Հայաստան պիտի ունենայ երկու մասնակից:
Ըմբշամարտի ազատ ոճի 65 քկ դասակարգի մրցումներուն, իր պայքարին կը սկսի ըմբշամարտի մրցաշարքի Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը, 2020-ի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեան հանդիսացած, 2019-ի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան:
Ան իր մենամարտին կը սկսի 1-8-րդ հանգրուանէն, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Հաճիմուրատ Ռաշիտովը:
25 տարեկան ռուս ըմբիշը աշխարհի գործող ախոյեան է (2019), աշխարհի կրկնակի փոխախոյեան (2017 եւ 2018), ինչպէս նաեւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան (2016 եւ 2018):
Կռփամարտի մրցումներուն կիսաւարտականի իր տոմսը ապահոված եւ նուազագոյնը պրոնզ մետալ ապահոված Յովհաննէս Բաչքով (63 քկ) այսօր իր մենամարտը կը կատարէ ամերիկացի Քէյշոուն Տեւիսի դէմ:
Այս մարզաձեւին մէջ ան պիտի ըլլայ Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը: