Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան երէկ դարձաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր:
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու մարմնամարզութեան առանձին վարժութիւններու հենացատկի աւարտականի մրցումին, Արթուր Դաւթեան` ապահովելով 14,733 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ոսկի մետալին տիրացաւ Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչը (14,783 կէտ), մինչ արծաթ մետալին տիրացաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը (նոյնքան կէտով):
Արթուր Դաւթեան 2008-էն ի վեր Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ է, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ եւրոպական երկրորդ խաղերու տիտղոսակիր:
Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Լոնտոնի եւ Ռիոյի ողիմպիականի խաղերուն:
Նշենք, որ Դաւթեան ծնած է 8 օգոստոս 1992-ին, Երեւան:
Այսպիսով, 41 տարուան սպասումէ մը ետք Հայաստան մարմնամարզութեան մրցումներուն տիրացաւ մետալի մը:
1980-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած 22-րդ ամառնային խաղերուն, նախկին Խորհրդային միութեան հաւաքականին կազմին հետ, Էդուարդ Ազարեան հանդիսացած էր տիտղոսակիր: