Երէկ` ուրբաթ, 6 օգոստոսին, «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերուն, պայքարը մղուեցաւ 23 մետալներու համար:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Չինաստան, որ տիրացած է 36 ոսկի, 26 արծաթ եւ 17 պրոնզ մետալի:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ (31 ոսկի, 36 արծաթ, 31 պրոնզ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ճափոն (24 ոսկի, 11 արծաթ, 16 պրոնզ):