Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լուիս Վան Կաալ դարձեալ ստանձնեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը:
69 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի Մոնտիալին աւարտը:
Անոր օգնականները պիտի ըլլան Տենի Պլինտ, Ֆենք Ֆրէյզըր եւ Ֆրանք Հոյեք:
Նշենք, որ Վան Կաալ, որ փոխարինեց Ֆրանք Տը Պէօրը, նախապէս իր այս նոյն պաշտօնը ստանձնած էր 2000-2001 եւ 2012-2014 ժամանակամիջոցներուն:
Ան 2016-էն ի վեր որեւէ խումբի մարզիչը չէր: