Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, այս շաբաթասկիզբին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Խիւտավերտեանի յիշատակին նուիրուած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը:
Բնականաբար, որեւէ մրցաշարքի կայացումը կամ կազմակերպումը կը կարօտի բաւական դժուարին աշխատանքի մը, որուն համար գնահատանքի խօսքը կ՛երթայ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ յաջողցնելու համար այս կարեւոր մրցաշարքը:
Նախորդ 23 յուլիսին սկսած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 խումբեր:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ գրեթէ ամէն օր երկու-երեք մրցումներու կայացումէն ետք յստակացան աւարտականին հասնող խումբերը:
Մինչեւ կիսաւարտականի մրցումները օրուան իրաւարարն էր Յակոբ Կիւլիւմեան, մինչ կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները սուլեց Վարդան Մաթոսեան:
Այստեղ պէտք է նշել, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր խումբերուն մօտ ալ նկատելի էր մարզական բարձր ոգին:
Բնականաբար տիտղոսակիր խումբը իր բաժակը ստանալէ բացի ստացաւ նաեւ նիւթական պարգեւ մը:
Սակայն տիտղոսակիր խումբը այդ գումարը ամբողջութեամբ յատկացուց մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարող միութեան մը:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, վաղամեռիկ Կարէն Խիւտավերտեանի ծնողները մասնակցող բոլոր խումբերու մարզիկներուն տրամադրեցին մետալներ:




