«Թոքիօ-2020»-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կազմերը:
Ողիմպիականի գործող ախոյեանը` Ամերիկան, 97-78 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրալիան, հակառակ անոր որ վերջինս մրցումին տեւողութեան ունէր 15 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը:
Յաղթական կազմէն Քեւին Տիւրանթ (Պրուքլին Նեթց) նշանակեց 23 կէտ:
Իսկ Ֆրանսա, իր դժուար յաղթանակը արձանագրեց Սլովենիոյ դէմ` միայն կէտի մը տարբերութեամբ, 90-89 արդիւնքով:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ երրորդ դիրքի մրցումը:
Այստեղ նշենք, որ վերջին երեք ողիմպիական խաղերուն ախոյեանը եղած են Միացեալ Նահանգներ: