Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2020-ի ողիմպիական խաղերու աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումը:
Միացեալ Նահանգներ, որոնք 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Աւստրալիոյ դէմ, առաջին անգամ ըլլալով դարձան պրոնզէ մետալակիր:
Մեկան Ռափինոյ, որ տուպլէ մը իրագործեց ամերիկացիներուն հետ, իր կոլերէն մէկը նշանակեց ուղղակի քորնըրէն:
Աւարտականի մրցումին այսօր իրարու դէմ կը մրցին Շուէտ եւ Քանատա: