«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մնացեալ բոլոր մրցումներուն ընթացքին պիտի կիրարկուի «ՎԱՐ» համակարգը:
Սկզբունքով ծրագրուած էր այս համակարգը կիրարկել 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները հազիւ սկսած:
Սակայն անիկա զտումի առաջին երեք մրցումներուն չկիրարկուեցաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:
Այժմ սակայն, զտումի մնացեալ բոլոր մրցումներուն ընթացքին պիտի կիրարկուի այս համակարգը:
Նշենք, որ Ժ. խմբակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը` արձանագրելէ ետք երեք յաղթանակ:



