Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի («ֆայնըլ ֆոր») 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 31 օգոստոսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Ժամիհաթ Ալամիէի դէմ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց տպաւորիչ յաղթանակով` 7-2 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ գրաւեց խմբակին երկրորդ դիրքը (12 կէտով) եւ այսպիսով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մուաուատի հետ (13 կէտ) ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն, մարզիչին եւ պատասխանատուներուն տարած աշխատանքն ու նուիրումը, անոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին` հասնելու այս կարեւոր ու բացառիկ արդիւնքին եւ ուրախացնելու խումբին համակիրները: