Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն:
Կիսաւարտականի մրցումներուն ամերիկացիները 79-59 արդիւնքով յաղթեցին Սերպիոյ, մինչ Ճափոն 41-34 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրանսան:
Աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 8 օգոստոսին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ այսօր: Անոր ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա: