Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թոքիօ-2020». Սիմոն Մարտիրոսեան` Ողիմպիական Խաղերու Կրկնակի Փոխախոյեան. Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթէ Մետալակիր

August 6, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ եւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուեցան 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը:

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի յառաջատար, Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան (105 քկ), աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան հանդիսացաւ փոխախոյեան` երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով` 423 քկ:

Ախոյեան հանդիսացաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Աքպար Ջուրյեւ, որ բարձրացուց 430 քկ:

Նշենք սակայն, որ այս քաշային կարգին մէջ երկամարտի աշխարհի մրցանիշը կը պատկանի Մարտիրոսեանին (435 քկ):

17 փետրուար 1997-ին Հայկաշէն գիւղին մէջ ծնած Մարտիրոսեանի անձնական մարզիչն է Աշոտ Փիլոսեան:

Իր կարգին, արծաթ մետալի տիրացաւ նաեւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու յաղթական Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ):

Նշենք, որ աւարտականին Ալեքսանեան մրցեցաւ ռուս Մուսա Եւլոյեւի դէմ եւ պարտուեցաւ 5-1 արդիւնքով:

Ալեքսանեան իր այս ճակատումը կատարեց` ունենալով ձախ ոտքի մկանային վնասուածք:

Երէկուան մրցումներէն ետք, այժմ Չինաստան, մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (34 ոսկի, 24 արծաթ եւ 16 պրոնզ):

Արթուր Դաւթեան Եւ Սիմոն Մարտիրոսեան «Զուարթնոց»
Օդակայանին Մէջ Արժանացան Շատ Մեծ Եւ Ջերմ Ընդունելութեան

44 օրուան պատերազմէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ երէկ դարձեալ հնչեց տհոլ-զուռնան, երբ հայ համակիրները շատ մեծ շուքով դիմաւորեցին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերու հայրենի մետալակիրները:

Նշենք, որ երէկ Թոքիոյէն հայրենիք վերադարձան ծանրաբարձութեան ողիմպիականի կրկնակի փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան (109 քկ) եւ մարմնամարզութեան պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան` մարզիչներ Վիգէն Խաչատրեանի եւ Հայկ Նազարեանի հետ:

Անոնք արժանացան շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան` իրենց ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն կողմէ:

Ողիմպիական մետալակիրները տհոլ-զուռնայով դիմաւորելու նախաձեռնութիւնը Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Սահակ Անտոնեանինն էր:

Նշենք, որ անոնց դիմաւորողներուն կարգին չեղան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան կամ իշխանութեան որեւէ ներկայացուցիչ:

Սակայն ներկայ էր ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան:

 

 

 

Նախորդը

«Թոքիօ-2020». Տղոց Պասքեթպոլի Աւարտական Մրցումը` Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Միջեւ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին Գնահատելի Աշխատանքը` Նուիրուած Կարէն Խիւտավերտեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.