Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ նախանցեալ օր Կլասքոյի մէջ հիւրը եղաւ Սկովտիոյ ախոյեան Ռէյնճըրզին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն:
Հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ (43-րդ) մնաց տասը մարզիկով` Ճոն Լանսթրեմի կարմիր քարտ ստանալէն ետք, սակայն անիկա յաջողեցաւ կոլով մը աւարտել այս հանդիպումը` շնորհիւ քոլոմպիացի յառաջապահ Ալֆրետօ Մորելոսի նշանակած կոլին (67-րդ):
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 օգոստոսին` Երեւանի մէջ:
 
			


