Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Վոլկար պայմանագրութիւն մը ստորագրեց միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեանի հետ:
Նախքան այս փոխանցումը տեղի ունենալը, մեծ հաւանականութիւն կար, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը տեղափոխուի Նիժնի Նովկորոտ:
Ընթացիկ տարեշրջանին, Զենիթի սանը իր մասնակցութիւնը բերաւ 16 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ:
Թէեւ անոր առաջարկուեցաւ պայմանագիրի երկարաձգում, սակայն ան նախընտրեց միանալ Վոլկարի:
Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Վոլկար կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ դիրքը: