Իտալական Սասուոլոյի 23 տարեկան միջնապահ Մանուէլ Լոքաթելլի տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս, այս մասին յայտնեց առաջինին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Եուվենթուս, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստը, պայմանագիրի աւարտին 35 միլիոն եւրօ վճարելով պիտի գնէ անոր փոխանցման իրաւունքը:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 34 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: