Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ 25 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի հանդիպումը, մարզական լրագրողներուն հետ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը ուղղակի պատկերասփռումով պիտի յայտարարէ ազգային խումբ հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն անունները:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Ժ. խմբակին մէջ Հայաստան այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով առաւելագոյն 9 կէտը: