Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Քարին Լահուտ նշանակուեցաւ Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ:
Անոր նշանակման այս լուրը հաղորդեց, Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Քիօ Սիոք` յայտնելով, որ Լահուտի ունեցած բաւական մեծ փորձառութիւնը` այս մարզաձեւին մէջ, պիտի նպաստէ անոր յառաջընթացին:
Ան եզրափակեց, որ ինք շատ մեծ հաճոյքով պիտի աշխատի անոր հետ:
Լահուտի այս նշանակումէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, իր եւ ֆետերասիոնին բոլոր անդամներուն անունով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Քարին Լահուտին: