Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք յառաջիկայի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ կը հրաւիրուի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական. նախապէս ան Հայաստանի ազգային խումբին շապիկը կրած է 6 անգամ եւ նշանակած 2 կոլ:
Ակումբը յաջողութիւն մաղթեց իր ֆութպոլիստին` Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ իր կատարելիք յառաջիկայի մրցումներուն գծով:



