Ռուսական Ուֆա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեովա Գէորգեան ապահովեց նուազագոյնը արծաթ մետալ մը:
125 քկ դասակարգի կիսաւարտականին գծով իր կատարած մենամարտին, հայրենի ըմբիշը 10-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Գէորգեան այս տարի տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականին, յաղթած էր նոյն ազրպէյճանցի մրցակիցին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Մանուէլ Խնձրցեան, Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը: