Երէկ «Քիոտօ» գործակալութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ամառնային Փարալիմփիք խաղերուն կազմակերպիչները որոշեցին, որ մրցումները պիտի կատարեն առանց հանդիսատեսներու:
Թոքիոյի Փարալիմփիք խաղերը տեղի պիտի ունենան 24 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր:
Կ՛ակնկալուի, որ այս որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուի այդ խաղերը կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ: