Պայէրն Միւնիխ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր վնասուածք ստացաւ Պորուսիա Տորթմունտի դէմ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին:
Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը նշեց, որ ան այժմ կը բացակայի գերմանացի Ժուլիան Նակելսմանի գլխաւորած կազմին կատարած հերթական փորձերէն:
Նշուեցաւ, որ 35 տարեկան Նէօյըրի մասնակցութիւնը վաղը` կիրակի, Քէօլնի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումին, գրեթէ դժուար է:
 
			


