Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեովա Գէորգեան երէկ ռուսական Ուֆա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան հանդիսացաւ փոխախոյեան:
125 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին, հայ ըմբիշը, լարուած պայքարէ մը ետք, պարտուելով իրանցի իր մրցակիցէն, դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Իրանցի ըմբիշը վերջին երկվայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը (4-4), որմէ ետք յաղթական հռչակուեցաւ այս ճակատումին վերջին կէտը շահելուն համար:
Նշենք, որ Գէորգեանէն առաջ Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահոված էր Մանուէլ Խնձրցեան` 57 քկ դասակարգին մէջ: