Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, երէկ` չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին, մեկնեցաւ Սկովտիա, ուր մրցում մը ունի կատարելիք երկրին ախոյեան` Կլասքօ Ռէյնճըրզի դէմ, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 19 օգոստոսին, Կլասքոյի մէջ գտնուող Այպրոքս մարզադաշտին վրայ, Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 22:00-ին:
Նախքան փլէյ օֆի հանգրուան հասնիլը, Ալաշկերտ կը մասնակցէր «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
Սակայն, հայրենի կազմը վերոնշեալ մրցաշարքին գծով պարտութիւն մը կրելէ ետք Շերիֆէն (Մոլտովա), իրաւունք ստացաւ մասնակցիլ «Եուրոփա Լիկ»-ին: