Հայաստանի ֆութսալի աղջկանց ազգային հաւաքականը երէկ յաղթանակով աւարտեց իր ելոյթը, երբ Մոլտավիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան նախնական հանգրուանի Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Պոսնիոյ դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ երրորդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին հայրենի կազմը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նորա Եղեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Օլկա Օսիփեան նշանակեց չորրորդ կոլը:
Այսպիսով, Հայաստանի աղջիկները արձանագրելով երկու յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը, գրաւեցին խմբակին երկրորդ դիրքը:
Յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսը ապահովեցին միայն, պարագլուխի դիրքը գրաւած Նետերլանտները:
 
			


