Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի` «ՎԻՊԵԹ» ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա շարունակելով իր յաղթարշաւը, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորավանքը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեց Ուիլֆրիտ Էզա` 23-րդ եւ 52-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արարատ-Արմենիա, որ ունի 12 կէտ, առաւելագոյն կէտը ապահոված միակ խումբն է:
Նորավանք 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:
25 օգոստոսին Արարատ-Արմենիայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Արարատ:



