Մարզական

«Եուրոփա Լիկ».  Օմոնիա-Անվերս Մրցումին  Պատուիրակը` Հայաստանէն

«Եուրոփա Լիկ». Օմոնիա-Անվերս Մրցումին Պատուիրակը` Հայաստանէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը նշանակուեցաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումի պատուիրակ: 19 օգոստոսին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Օմոնիա (Կիպրոս)-Անվերս (Պելճիքա) փլէյ օֆի երթի մրցումը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Արթուր Ազարեան նշանակուեցաւ այս մրցումին «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պատուիրակ:  

«Պունտըսլիկա». Սարգիս Ադամեան Կոլի Հեղինակ`  Հոֆընհայմի Հետ

«Պունտըսլիկա». Սարգիս Ադամեան Կոլի Հեղինակ` Հոֆընհայմի Հետ

Պայէրն Միւնիխի Հաւասարութիւնը, Պորուսիա Տորթմունտի Յաղթանակը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սարգիս Ադամեանի կազմը` Հոֆընհայմ, Օկզպուրկի դաշտին վրայ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը: Ադամեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, 59-րդ վայրկեանին դաշտ մուտք գործեց: 20 վայրկեան ետք ան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին 28 տարեկան Ադամեան...

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան  Երկիրներու Առաջին Խաղերուն  Հայաստան Պիտի Ունենայ 54 Մարզիկ

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Երկիրներու Առաջին Խաղերուն Հայաստան Պիտի Ունենայ 54 Մարզիկ

4-11 սեպտեմբերին ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերը: Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Տաճիկիստանէն, Ազրպէյճանէն, Թուրքմենիստանէն եւ Ուզպեքիստանէն շուրջ 1500 մարզիկներ պիտի պայքարին 16 մարզաձեւերու մէջ` տիրանալու համար 184 մետալի: Նշուեցաւ, որ մարզիկներուն տարիքը պէտք չէ  գերազանցէ 23-ը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս խաղերուն...

Դաւիթ Դաւիթեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականն

Դաւիթ Դաւիթեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն շարքին կան նոր անուններ: Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ռուսական Խիմքի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ազգային խումբ հրաւիրուած է յառաջապահ Դաւիթ Դաւիթեան, որ նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտէն տեղափոխուած էր վերոնշեալ ակումբ: Նշենք, որ Դաւիթեան նախապէս եւս հրաւիրուած էր ազգային խումբ` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոսի կողմէ,...

Արսէն Զախարեան Հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ  Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Արսէն Զախարեան Հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Ռուսական Տինամօ Մոսկուայի յառաջապահ Արսէն Զախարեան, Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վալերի Քարփինի կողմէ հրաւիրուեցաւ ազգային խումբ: «Շատ ուրախ եմ, որ այս հրաւէրը ստացայ: Ամէն կարելիս պիտի ընեմ փաստելու համար, որ ի զուր տեղը չհրաւիրուեցայ հաւաքական: «Սակայն միեւնոյն ժամանակ կու գամ ըսելու, որ ներկայ փուլին, կ՛ուզեմ կեդրոնանալ ակումբիս կատարելիք մրցումներուն վրայ», ըսաւ Զախարեան: 18 տարեկան ֆութպոլիստին առաջին...

Հայաստանի Աղջկանց 17 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Հաւաքականը Այսօր  Կը Սկսի Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի Աղջկանց 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Այսօր Կը Սկսի Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը 18-20 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը սկսի յատուկ մարզական հաւաքի մը: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան:

Աղջկանց Ֆութսալ.  Հայաստան Արձանագրեց Յաղթանակ Մը  Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Աղջկանց Ֆութսալ. Հայաստան Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Մոլտովական Չորեսքու գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի աղջկանց ֆութսալի ախոյեանութեան նախնական հանգրուանի, Հայաստան-Մոլտովա մրցումը: Զոհրապ Նիազեանի գլխաւորած կազմը 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Օլկա Օսիփեան եւ Անի Ղուկասեան տուպլէ իրագործեցին, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Քրիստինէ Մանկասարեան եւ Հեղինէ Չոփիկեան: Մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին մրցակից կազմին մարզիկները` սխալմամբ իրենց...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն  4-2 Արդիւնքով Յաղթական

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-2 Արդիւնքով Յաղթական

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը իր հիւրին` Սթրազպուրկի դէմ: Ասիկա Փարիզ Սեն Ժերմենի երկրորդ յաղթանակն էր ախոյեանութեան գծով: Մայրաքաղաքի կազմին չորս կոլերը նշանակեցին Մաուրօ Իքարտի (3-րդ), Քիլիան Էմպափէ (25-րդ), Ժուլիան Տրեքսլըր (27-րդ) եւ Փապլօ Սարապիա (86-րդ): Տարբեր պատճառներով Փարիզ Սեն Ժերմենէն մրցումին չմասնակցեցան, խումբի նորեկներ Լիոնել Մեսսի, Սերճիօ Ռամոս, Ճիանլուիճի...

Պելճիքական Ֆութպոլ.  Իվան Եաքան Կոլի Հեղինակ` Լիերսի Հետ

Պելճիքական Ֆութպոլ. Իվան Եաքան Կոլի Հեղինակ` Լիերսի Հետ

Պելճիքայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Իվան Եաքան իր կազմին` Լիերսի հետ նշանակեց կոլ մը` Տենզէի դէմ արձանագրուած հաւասարութեան ընթացքին (1-1): Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած 31 տարեկան Եաքան, որ իր կոլը նշանակեց 21-րդ վայրկեանին, 73-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Եաքան 2018-ին Հայաստանի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Հաւաքականը Յաղթեց Մալթային

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց Մալթային

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Ե. խմբակի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Մալթայի դէմ, արձանագրեց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 51-50 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայրենի կազմէն Անի Մկրտչեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ): Այս խմբակին մէջ Հայաստան, որ նաեւ մրցեցաւ Ալպանիոյ, Վրաստանի եւ Մակեդոնիոյ դէմ, արձանագրելով 2 յաղթանակ...

Գեղասահք.  Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ  Զոյգը Հանդիսացաւ Երկրորդ`  Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Գեղասահք. Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ Զոյգը Հանդիսացաւ Երկրորդ` Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգը գրաւեց երկրորդ դիրքը, Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող գեղասահքի միջազգային մրցաշարքին: Ռիթմիք պարի ելոյթէն ետք, անոնք 68,80 կէտ ապահովելով, յառաջատարն էին: Սակայն ազատ ծրագիրէն ետք անոնք գրաւեցին երկրորդ դիրքը: Երկու պարի ելոյթները նկատի առնելով` աւարտին անոնք հանդիսացան երկրորդ, ապահովելով ընդամէնը 170,99 կէտ: Մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Քարոլին Կրին-Մայքըլ Փարսընս զոյգը, որ...

Հենրիխ Մխիթարեանի Առաջին Կոլը`  Մուրինիոյի Գլխաւորութեամբ

Հենրիխ Մխիթարեանի Առաջին Կոլը` Մուրինիոյի Գլխաւորութեամբ

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբը, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց 12 անգամ Մարոքի ախոյեան հանդիսացած Ռախա Քազապլանքան, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 48-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Մխիթարեան, որ մրցումին 71-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ, այսպիսով նշանակեց իր առաջին...

«Պելլաթոր».  Գեղարդ Մուսասին Պաշտպանեց Տիտղոսը

«Պելլաթոր». Գեղարդ Մուսասին Պաշտպանեց Տիտղոսը

Խառն մենամարտերու «Պելլաթոր»-ի մրցումներուն միջին քաշային կարգի ախոյեան Գեղարդ Մուսասի նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց իր տիտղոսը: Միացեալ Նահանգներու Անքասվիլ քաղաքի «Մոհեկան Սան» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած «Պելլաթոր-264» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին, հայ մարտիկը, որ մրցեցաւ 36 տարեկան ամերիկացի Ճոն Սոլթըրի դէմ, երրորդ ռաունտին արձանագրեց իր յաղթանակը` թեքնիք նաք աութով: Նշուեցաւ, որ ամբողջ մենամարտին ընթացքին Մուսասի նկատելի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր մրցակիցին վրայ:...

Մահացաւ Գերմանացի Անցեալի  Անուանի Ֆութպոլիստ Կերթ Միւլըր

Մահացաւ Գերմանացի Անցեալի Անուանի Ֆութպոլիստ Կերթ Միւլըր

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ մահացաւ ակումբի անուանի նախկին ֆութպոլիստ, «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբաձիգ, աշխարհի եւ Եւրոպայի նախկին ախոյեան, գերմանացի Կերթ Միւլըր: Անուանի նախկին ֆութպոլիստը 75 տարեկան էր: Պայէրնի հետ չորս անգամ երկրի ախոյեան հանդիսացած, ինչպէս նաեւ այլ տիտղոսներու տիրացած Միւլըր «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն նշանակած է 365 կոլ: Նշուեցաւ, որ Միւլըր 2015-էն ի վեր կը տառապէր...

«Փրեմիեր Լիկ».  Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի  Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

«Փրեմիեր Լիկ». Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

Նախորդ շաբաթավերջին ազդանշանը տրուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2021-2022 տարեշրջանին: Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի տարեշրջանը սկսաւ 1-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը: Լոնտոնեան Թոթենհամի դաշտին վրայ կատարուած մրցումին, մարզիչ Եոսիփ Կուարիոլայի կազմը պարտուեցաւ նուազագոյն հաշուով: Հարաւային քորէացի Հէունկ Մին Սոն նշանակեց մրցումին միակ կոլը (55-րդ): Սակայն Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիծը: Յաղթական կազմէն փորթուգալցի Պրունօ Ֆերնանտես, տպաւորիչ...

«Լա Լիկա».  Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ  Եւ Պարսելոնա Յաղթական

«Լա Լիկա». Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին ազդանշանը տրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2021-2022 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմին յաղթանակը կերտեց Անխել Քորիա, որ տուպլէ մը իրագործեց (23-րդ եւ 64-րդ): Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին 10-ական մարզիկով: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  14 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան  Մեկնարկը Տրուեցաւ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 14 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Մեկնարկը Տրուեցաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց 26 եւ աղջկանց 11 խումբեր: Առաջինին պարագային անոնք բաժնուած են վեց խմբակի, մինչ աղջկանց պարագային` երեք խմբակի: Մրցումները տեղի կ՛ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզադաշտին եւ Թաատոտի դաշտին վրայ: Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Թրիփոլի, որ...

Ճատրակ.  Դանիէլեան Եւ Սարգսեան  Ապահովեցին 3,5-ական Կէտ

Ճատրակ. Դանիէլեան Եւ Սարգսեան Ապահովեցին 3,5-ական Կէտ

Ռումանիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութիւնը երեք յաղթանակով սկսած հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան չորրորդ հանգրուանին սեւ քարերով արձանագրեց հաւասարութիւն մը` Կիւնայ Մամատզատէի դէմ (Ազրպէյճան): Աննա Սարգսեան, որ ճերմակ քարերով յաղթեց ռուս Անասթասիա Պոնտարուքի, ապահովելով 3,5 կէտ այժմ Դանիէլեանի եւ 7 այլ ուրիշներու հետ կը բաժնէ 2-9-րդ դիրքերը: 4-րդ հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մարիա Գէորգեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Սուսաննա...

Քայրաթի Գլխաւոր Մարզիչը  Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Քայրաթի Գլխաւոր Մարզիչը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Ղազախական Քայրաթի գլխաւոր մարզիչ Քիրիլ Քեքեր, որուն կազմը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն դուրս մնաց` պարտուելէ ետք Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտէն, երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, յայտնապէս չկարենալով մարսել այդ պարտութիւնը: 42 տարեկան խըրխըզ ֆութպոլի մասնագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց իր ակումբին ղեկավարութեան` իրեն վստահուած այս պարտականութեան համար, միեւնոյն ժամանակ ալ յոյս յայտնելով, որ ակումբը իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ յառաջիկային իր կատարելիք...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Մեծ Կազմով  Կը Մասնակցի Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութեան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեծ Կազմով Կը Մասնակցի Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը մեծ կազմով կը մասնակցի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16-22 օգոստոսին, ռուսական Եուֆա քաղաքին մէջ: Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի ըմբիշները. Ազատ ոճ. Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Դաւիթ Մարգարեան (65 քկ), Նարեկ Յարութիւնեան (70 քկ), Արմէն Մուսիկեան (74 քկ), Սերկէյ Սարգսեան (92...

Page 477 of 1280 1 … 476 477 478 … 1,280

Արխիւներ