26 օգոստոսին մեկնարկը կը տրուի Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան` Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 5 մասնակից:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան: