Մարզական

Սթանիսլաւ Պուչնեւ Միացաւ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Սթանիսլաւ Պուչնեւ Միացաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի բերդապահ Սթանիսլաւ Պուչնեւ շուտով պիտի սկսի իր ելոյթներուն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ: Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան բերդապահը արդէն իսկ երէկ միացաւ հաւաքականին եւ կատարեց իր առաջին փորձը: Հակառակ անոր որ ֆութպոլիստին անունը  հաւաքական հրաւիրուածներուն ցանկին մէջ չէր, սակայն փաստաթուղթերու արագ դասաւորման շնորհիւ ան հրաւիրուեցաւ հաւաքական: Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ...

«Քոնֆըրընս  Լիկ».  Ալաշկերտի Եւ Ա. Էս. Ռոմայի  Մրցակիցները Յստակացան

«Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտի Եւ Ա. Էս. Ռոմայի Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ` ուրբաթ, 27 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի նորաստեղծ` «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ ԼԱՍՔ-ը (Աւստրիա), Մաքապի Թել Աւիւը (Իսրայէլ) եւ Հելսինքին (Ֆինլանտա): Իսկ իտալական Ա. Էս. Ռոմա, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, պիտի մրցի Զորիանի (Ուքրանիա), Սոֆիայի բանակայիններուն...

Տիգրան Բարսեղեան Այցելեց Ուրարտու

Տիգրան Բարսեղեան Այցելեց Ուրարտու

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան այցելեց Ուրարտու, այս մասին հաղորդեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը ներկայ գտնուեցաւ ակադեմիայի խումբերէն մէկուն կատարած փորձերուն, ապա զրուցեց պատանի ֆութպոլիստներուն հետ, պատմեց իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր ունեցած յաջողութիւններուն մասին, ֆութպոլի գծով իր ունեցած նախասիրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Հանդիպումին աւարտին Տիգրան Բարսեղեան ինքնագիրներ բաժնեց պատանի...

«Քոնֆըրընս Լիկ».  Ա. Էս. Ռոմա Մրցաշարքէն Դուրս  Ձգեց Թրքական Տրապիզոնսփորը

«Քոնֆըրընս Լիկ». Ա. Էս. Ռոմա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Թրքական Տրապիզոնսփորը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը ապահովեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի նորաստեղծ` «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ շարունակուելիք հանգրուանին իր տոմսը: Թրքական Տրապիզոնսփորի դէմ տեղի ունեցած փլէյ օֆի դարձի մրցումին, իտալական կազմը Հռոմի մէջ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ երթի մրցումին Ա. Էս. Ռոմա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Թուրքիոյ մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի...

Ռոնալտօ Որոշեց Հեռանալ Եուվենթուսէն  Եւ Միանալ Իր Նախկին Ակումբին`  Մանչեսթըր Եունայթըտին

Ռոնալտօ Որոշեց Հեռանալ Եուվենթուսէն Եւ Միանալ Իր Նախկին Ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտին

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ որոշեց հեռանալ իր ակումբէն` Եուվենթուսէն, այս մասին յայտնեց իտալական «Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը: Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը իտալական ակումբէն խնդրած է, որ երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, իր անունը դնեն մեկնող մարզիկներու ցանկին վրայ: Ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ժորժէ Մենտես արդէն իսկ հասաւ Իտալիա` ակումբին ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններու սկսելու համար: Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը`...

Քազեմիրօ Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Քազեմիրօ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Քազեմիրօ, երէկ` ուրբաթ, 27 օգոստոսին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ: Մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 29 տարեկան ֆութպոլիստը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2025: Նշենք, որ ան 2013-ի ամրան պրազիլական Սան Փաուլոյէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ: 2014-2015 տարեշրջանին ան փոխ տրուեցաւ փորթուգալեան Փորթոյին:  

Հերի Քէյն Աշխատավարձի Բարձրացում  Կը Պահանջէ Թոթենհամէն

Հերի Քէյն Աշխատավարձի Բարձրացում Կը Պահանջէ Թոթենհամէն

Լոնտոնեան Թոթենհամի անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյն դժգոհ է իր աշխատավարձէն եւ ակումբին ղեկավարութենէն կը պահանջէ բարձրացնել զայն, այս մասին յայտնեց «Տը Թայմզ»-ը: 28 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ ստանալ շաբաթական 467 հազար եւրօ աշխատավարձ: Անոր աշխատավարձը 2020-ին եւս բարձրացած էր, երբ լոնտոնեան ակումբը` Թոթենհամ, հրաժարած էր ծախել իր ֆութպոլիստը: Հակառակ անոր որ Մանչեսթըր Սիթի մօտէն հետաքրքրուած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Սկսաւ  Իր Բանակցութիւններուն` Հաալանտի Հետ

Փարիզ Սեն Ժերմեն Սկսաւ Իր Բանակցութիւններուն` Հաալանտի Հետ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը յայտնեց, որ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` փորձելով իր կազմին միացնել գերմանական Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը: Ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմը, այժմէն իսկ կը պատրաստուի խումբին յարձակողականը զօրացնելու` նկատի ունենալով, որ շատ հաւանական է, որ խումբէն հեռանայ ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Հաալանտի փոխանցման արժէքը կը...

Պարսելոնայի Խմբապետը Համաձայն  Գտնուեցաւ Աշխատավարձի Կրճատման

Պարսելոնայի Խմբապետը Համաձայն Գտնուեցաւ Աշխատավարձի Կրճատման

Քաթալոնական Պարսելոնայի խմբապետ Սերճիօ Պուսքեթց ընդառաջեց ակումբին եւ համաձայնեցաւ աշխատավարձի կրճատման, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Սպանացի միջնապահը ստիպուած եղաւ դիմելու այս քայլին, որպէսզի ակումբը կարենայ կարգաւորել իր հարցերը եւ դասաւորել իր աշխատավարձի պիւտճէն: Նշենք, որ Պուսքեթցէն առաջ այս քայլին դիմած էին սպանացի միջնապահներ Ժերար Փիքէ եւ Եորտի Ալպա: Ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնա պէտք է կարգի դնէ իր աշխատավարձի...

Պասքեթպոլի Յուշամրցաշարք` Արցախեան  Պատերազմին Ընթացքին Հերոսաբար Զոհուած  Արամ Մկրտչեանի Յիշատակին

Պասքեթպոլի Յուշամրցաշարք` Արցախեան Պատերազմին Ընթացքին Հերոսաբար Զոհուած Արամ Մկրտչեանի Յիշատակին

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի նախաձեռնութեամբ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ 5-7 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի յուշամրցաշարք մը, յայտնեց լիկայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յուշամրցաշարքին կայացումը նպատակ ունի յարգել արցախեան պատերազմին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին հերոսաբար զոհուած, Արցախ ակումբի պասքեթպոլիստ, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին մարզիկ Արամ Մկրտչեանի վառ յիշատակը, մէկ վայրի եւ մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ համախմբել...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Սկսաւ Իր Հաւաքին. Առաջին Օրուան Փորձերուն  Մասնակցեցան 12 Ֆութպոլիստներ

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Հաւաքին. Առաջին Օրուան Փորձերուն Մասնակցեցան 12 Ֆութպոլիստներ

Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը սկսաւ իր մարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար 2, 5 եւ 8 սեպտեմբերին 2022-ի Մոնտիալին գծով տեղի ունենալիք զտումի երեք մրցումներուն: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, յաջորդաբար իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մակեդոնիան, Գերմանիան եւ Լիխթնշթայնը: Առաջին օրը տեղի ունեցած փորձերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ 12...

«Եուրոփա Լիկ».  Ալաշկերտ Չկրցաւ Յաղթահարել  Կլասքօ Ռէյնճըրզի Արգելքը

«Եուրոփա Լիկ». Ալաշկերտ Չկրցաւ Յաղթահարել Կլասքօ Ռէյնճըրզի Արգելքը

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզը, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայրենի խումբը, որ երթին Սկովտիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, չկրցաւ յաղթահարել Սկովտիոյ ախոյեանին արգելքը եւ անոր հետ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Նշենք, որ Ալաշկերտ մրցումը...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Վիքթորիա Զաքարեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վիքթորիա Զաքարեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքի մարզադպրոցի սան, կրտսեր տարիքի կռփամարտիկ Վիքթորիա Զաքարեան պրոնզէ մետալով վերադարձաւ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութենէն: Գեղարքունիքի մարզի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ, Մարտունիի մարզադպրոցի փոխտնօրէն Գէորգ Սարգսեան յայտնեց, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւոյի մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին հետ մրցում կատարեց նաեւ Վիքթորիա Զաքարեան (38 քկ) եւ գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը: Մարզադպրոցին մէջ Զաքարեան արժանացաւ մեծ...

Էրիկ Սեւիկեան Միացաւ Վալենսիային

Էրիկ Սեւիկեան Միացաւ Վալենսիային

Ռուսահայ միջնապահ Էրիկ Սեւիկեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Վալենսիայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 18 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախապէս մաս կը կազմէր սպանական այլ կազմի մը` Վիլիամարչանթէի, հանդէս պիտի գայ Վալենսիայի 19 տարեկանէն վար կազմին հետ: Էրիկ սպանական Լեւանթէի միջնապահ Էտկար Սեւիկեանի կրտսեր եղբայրն է: Վերջերս Էտկար Սեւիկեան հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքական, որ կը...

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական  Հաւաքականը Այսօր Կը Սկսի Նախապատրաստութեան

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը Այսօր Կը Սկսի Նախապատրաստութեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը ուրբաթ, 27 օգոստոսին կը սկսի նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն: Հայրենի կազմը այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն կը սկսի իր փորձերուն, իսկ 30 օգոստոսին կը սկսի իր մարզական հաւաքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: 2 սեպտեմբերին Հայաստան կը հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Կը Կազմակերպէ Ոչ Արհեստավարժ  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Ոչ Արհեստավարժ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ, հոկտեմբեր 2021-ին պիտի սկսի Հայաստանի ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2021-էն հոկտեմբեր 2022 ժամանակահատուածին: Այս ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել առաւելագոյնը 10 խումբեր: Մասնակցող խումբերուն քանակը կրնայ փոխուիլ մրցաշարքէն առաջ, սակայն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հաւանութեամբ: Բոլոր այն խումբերը, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այս ախոյեանութեան, պէտք...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Պայէրն Միւնիխի 12-0 Արդիւնքով Յաղթանակը`  5-րդ Դասակարգի Խումբին Դէմ

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխի 12-0 Արդիւնքով Յաղթանակը` 5-րդ Դասակարգի Խումբին Դէմ

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը հանդիսացաւ 5-րդ դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պրեմըրի, արձանագրեց 12-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն չորս կոլ նշանակեց քամերունցի յառաջապահ Էրիք Մաքսիմ Շուփօ-Մոթինկ: Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի վիճակաձգութեամբ: Այսպիսով, պաշտօնական մրցումներու ընթացքին, Պայէրն իր ակումբին պատմութեան մէջ արձանագրեց իր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Խմբակներու Դրութեամբ Կատարուելիք  Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ Լիկ». Խմբակներու Դրութեամբ Կատարուելիք Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մրցումները, որոնք պիտի սկսին 14 սեպտեմբերին, իրենց աւարտին կը հասնին 8 դեկտեմբերին, որմէ ետք կը սկսին փլէյ օֆի մրցումները: Իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիս 2022-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա): Թէեւ բոլոր խմբակներուն մէջ կան զօրաւոր խումբեր, սակայն ամէնէն զօրաւոր խմբակը պիտի ըլլայ...

Մոտրիչ Կը Շարունակէ Մնալ  Բացականերուն Կարգին

Մոտրիչ Կը Շարունակէ Մնալ Բացականերուն Կարգին

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջազգային միջնապահ Լուքա Մոտրիչ այս շաբաթավերջին եւս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ իր կազմին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 28 օգոստոսին Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիս: 35 տարեկան ֆութպոլիստը, որ բացակայեցաւ Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ալ, այժմ կը մարզուի անհատական ծրագիրով: Ռէալէն պիտի բացակային նաեւ Թոնի Քրուս, Ֆերլան Մենտի եւ Տենի...

Իտալացի Փելլեկրի Փոխ  Տրուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի

Իտալացի Փելլեկրի Փոխ Տրուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի

Մոնաքոյի իտալացի յառաջապահ Փիեթրօ Փելլեկրի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Ա. Սէ. Միլանի հետ, յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Թէեւ 20 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի, սակայն պայմանագիրի աւարտին իտալական կազմը անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու իրաւունքը պիտի ունենայ փոխան 6 միլիոն եւրոյի: Փելլեկրի յունուար 2018-ին իտալական Ճենովայէն տեղափոխուեցաւ Մոնաքօ, որուն հետ կատարեց 23 մրցում եւ նշանակեց 2...

Page 473 of 1280 1 … 472 473 474 … 1,280

Արխիւներ